Jump to content

Օսմանեան Կայսրութիւն

(Վերայղուած է Օսմանեան կայսրութիւն-էն)
Օսմանեան Կայսրութեան պատկերանիշը.

Նախապէս, օսմանցի թուրքերը թուրանական փոքր ցեղախումբ մըն էին բազմաթիւ ուրիշներու պէս. ԺԳ. դարուն, մոնկոլական արշաւանքներու հետեւանքով, ստիպուեցան լքել իրենց բնակավայրը՝ Թուրքեստանը եւ գաղթել դէպի Փոքր Ասիա, որ այն ատեն կը գտնուէր սելճուք թուրքերու տիրապետութեան տակ։

Օժանդակած ըլլալով սելճուքներու սուլթանին, կռուի մը ընթացքին, զոր ան կը մղէր մոնկոլներու դէմ, օսմանցի թուրքերու պետը՝ Էրթողրուլ (չշփոթել ԺԱ. դարու սելճուք թուրքերուն պետին հետ), արտօնութիւն ստացաւ իր ցեղախուբով հաստատուելու ներկայ Էսկի Շէհիրի շրջանին մէջ։

Օսմանցի թուրքերը, որոնք իրենց կորովով, կարգապահութեան ոգիով, ինչպէս նաեւ կազմակերպչական որոշ յատկութիւններով ամէնէն նշանաւորը հանդիսացան թուրանական ժողովուրդներուն, երկու դարու ընթացքին պիտի յաջողէին հաստատել մեծ կայսրութիւն մը։ Անշուշտ շնորհիւ նաեւ բացառիկ պայմաններուն, որ մեծապէս նպաստեցին իրենց։ ԺԳ. դարու վերջը սելճուք թուրքերու կայսրութիւնը, որ կ'իշխէր ամբողջ Փոքր Ասիոյ, քայքայուեցաւ եւ վերածուեցաւ թուրանական փոքր պետութիւններու, ինչ որ շատ դիւրացուց օսմանցի թուրքերու գործը։ Միւս կողմէ, բիւզանդական կայսրութիւնը անկումի մէջ էր։ Ներքին պայքարներով պառակտուած, խաչակիրներու Պոլիս մուտքով տկարացած՝ ԺԲ. եւ ԺԳ. դարերուն ան չկրցաւ մինչեւ իսկ այն նուազագոյն ճիգը ընել, որ պիտի բաւէր սելճուքները Փոքր Ասիայէն վտարելու[1][2]:

Էրթողրուլի յաջորդող իր որդին՝ Ղազի Օսման Ա., օգտուելով Բիւզանդիոնի տկարութենէն, ԺԴ. դարու սկիզբը ընդարձակեց օսմանցի թուրքերու հողամասը ի վնաս այն ստացուածքներուն, որ Փոքր Ասիոյ մէջ կը մնար Բիւզանդիոնի[3]:

Իր յաջորդը՝ Օրխան Ա. գրաւեց Պրուսան, որ դարձաւ օսմանցի թուրքերու մայրաքաղաքը, յետոյ Նիկիան եւ Նիկոմիտիան։ Այսպէսով ԺԳ. դարու կեսերուն Բիւզանդիոն կորսնցուցած էր Փոքր Ասիոյ իր վերջին հողամասերն ալ։ Բայց օսմանցի թուրքերու պետութիւնը կը մնար փոքր պետութիւն մը, որ իր մէջ կ'առնէր միայն Պրուսայի շրջանը, Նիկիան, Իզմիտը եւ Էսկի Շէհիրը։

Օսմանցի Թուրքերը եւ Օսմանեան Կայսրութեան Ստեղծումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փոքր Ասիոյ մնացած մասը կը գտնուէր այլ փոքր պետութեանց ձեռքը, որոնց պետերն էին սելճուք անկախ էմիրներ: Յոյներու անգիտակից վերաբերումը, ինչպէս նաեւ Ճենովայի եւ Վենետիկի միայն առեւտրական եւ կարճատես քաղաքականութիւնն էր, որ պատրաստեց օսմանցիներու տարածման ճամբան: ներքին կռիւներով պառակտուած եւ Պալքանեան սլաւ ժողովուրդներու հետ կռուի բռնուած Բիւզանդիոնը իրեն օգնութեան կանչեց օսմանցի թուրքերը, որոնք Եւրոպա ոտք դնելէ ետք գրաւեցին Կալիպոլիի թերակղզին եւ իրենց պահեցին: Մուրատ Ա.ի եւ Պայազիտ Ա.ի որով (ԺԴ. Դարու վերջը) օսմանցի թուրքերը գրաւեցին Էտիրնէն, յոյներու դէմ մղուած կռիւէ մը ետք, եւ հոն փոխադրեցին իրենց մայրաքաղաքը: Այնուհետեւ անջատաբար ճզմեցին Պալքաններու սլաւ ժողովուրդները (պուլկարներ եւ սերպեր): ԺԵ. դարու սկիզբը Պայազիտ Ա. Կը պատրաստուէր յարձակելու Պոլսոյ վրայ, երբ տեղի ունեցաւ, Լենկթիմուրի գլխաւորութեամբ մոնկոլական երկրորդ մեծ արշաւանքը: Ինչպէս յիշեցինք, Պայազիտ Ա. Իր բանակով դէմը ելաւ Լենկթիմուրի, որ Հայաստանէն կու գար, իր անցքին վրայ ամէն ինչ բնաջնջելով: երկու բանակներուն ճակատամարտը, օսմանցի թուրքերունը Պայազիտի եւ մոնկոլներունը Լենկթիմուրի հրամանատարութեան տակ, տեղի ունեցաւ Անգարայի մէջ (1402) եւ վերջացաւ թրքական բանակի պարտութեամբ: Պայազիտ Ա. Գերի ինկաւ: Լենկթիմուրի, ինչպէս ծանօթ է, ուղղուեցաւ դէպի արեւելք եւ ճամբան մեռաւ : իր կայսրութիւնը անդամահատուեցաւ: Իր արկածախնդրութիւնը այն հետեւանքը ունեցաւ սակայն, որ Պոլսոյ անկումը յիսուն տարի ուշացուց: Մոհամէտ Ա. Եւ Մուրատ Բ., Պայազիտի յաջորդները, շատ չանցած կրցան վերահաստատել օսմաեան պետութիւնը եւ շարունակել անոր տարածումը: Մուրատ Բ., Պոլիսը գրաւելու ապարդիւն փորձէ մը ետք, հունգարացիները ջախջախեց վառնայի մէջ (1444), ապա գրաւեց Պոսնիան:Այսուհանդերձ Ալպանիոյ մէջ օսմանցի թուրքերը բախեցան լեռնային այս ժողովուրդի սքանչելի մէկ դիմադրութեան, ղեկավարուած իրենց ազգային մեծ հերոսին՝ Սքանտէր պէկի կողմէ: Ան մեծցած էր սուլթան Մուրատ Բ.ի պալատին մէջ, իսլամական կրօնքով: իր երկիրը դառնալով՝ան վերադարձաւ իր հայրերու կրօնքին, անցաւ իր ժողովուրդին գլուխը եւ կրցաւ դէմ դնել թրքական ուժերուն: Օսմանցիները անոր մահէն ետք միայն յաջողեցան տիրել Ալպանիոյ, 1467-ին: Մուրատ Բ.ի որին եւ յաջորդը Մոհամէտ Բ. Ուզեց աւարտել իր նախորդներուն սկսած գործը՝ գրաւելով Պոլիսը: 1453 Մայիս 29-ին, 200.000 հոգինոց բանակով մը եւ երկու ամիս տեւող յիշատակելի պաշարումէ մը ետք ան գրաւեց Պոլիսը: Բիւզանդական փոքր բանակը, լքուած իրենց ճակատագրին, հերոսական դիմադրութիւն մը ցոյց տուին, փրկելով գէթ իրենց պատիւը:

  • Հայոց Պատմութիւն, Հրանդ Փաստրմաճեան, Դ. Տպագրութիւն (Խտացուած եւ Պատկերազարդուած), Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատուն, Պէյրութ, 2007: Էջ 9-10:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]