Jump to content

Անթոնիօ Կրամշի

Անթոնիօ Կրամշի
իտալ.՝ Antonio Gramsci
Ծնած է 22 Յունուար 1891(1891-01-22)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Սարտինիա, Իտալիա[2][4]
Մահացած է 27 Ապրիլ 1937(1937-04-27)[5][6][7][…] (46 տարեկանին)
Մահուան վայր Հռոմ, Իտալիա[5][2][4]
Քաղաքացիութիւն  Իտալիոյ Թագաւորութիւն
Կրօնք Աթէիզմ
Ուսումնավայր Թուրինի համալսարան?[4]
Lc G.M.Dettori-Cagliari?[4]
Ազդուած է Ճորճ Ուիլհելմ Ֆրետրիխ Հեկել, Կարլ Մարքս?, Բենեդետտո Կրոչե?, Francesco de Sanctis?, Giovanni Gentile?, Նիքոլօ Մաքիաւէլլի, Ֆրիդրիխ Էնգելս?, Վլատիմիր Լենին, Ժորժ Սորել?, Անտոնիո Լաբրիոլա?, Amadeo Bordiga?, Վիլֆրեդո Պարետո? եւ Gaetano Mosca?
Երկեր/Գլխաւոր գործ Prison Notebooks?
Մասնագիտութիւն փիլիսոփայ, քաղաքական գործիչ, լրագրող, գրագէտ, տնտեսագէտ, գրաքննադատ, պատմաբան, ընկերաբան, հրապարակախօս, թատերական քննադատ
Վարած պաշտօններ Իտալիոյ թագաւորութեան Խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու Տան անդամ[8]
Կուսակցութիւն Իտալիոյ Համայնավար Կուսակցութիւն
Ամուսին Julia Schucht?[4]
Ստորագրութիւն

Անթոնիօ Կրամշի (22 Յունուար 1891(1891-01-22)[1][2][3][…], Սարտինիա, Իտալիա[2][4] - 27 Ապրիլ 1937(1937-04-27)[5][6][7][…], Հռոմ, Իտալիա[5][2][4]), իտալացի մարքսական տեսաբան, քաղաքական գործիչ Իտալիոյ Իտալիոյ Համայնավար կուսակցութեան հիմնադիր։

Ծնած է 1891-ին: Ուսանած է լեզուաբանութիւն, Իտալիոյ արդիւնաբերական քաղաք Թուրինի համալսարանին մէջ` 1911-ին:

Ծնած ըլլալով Սարտինիա կղզիին մէջ` ան հեռու մնացած է ընկերվարութենէն եւ միայն զօրակցած գիւղացիներու բողոքներուն: Իսկ Թուրինի քաղաքային կեանքը զինք մղած է դէպի ընկերվարութիւն: Ան հանդիպումներ ունենալով քաղաքին մէջ գտնուող ընկերվարական անհատներու հետ, աւելի մօտէն սկսած է հետեւիլ ընկերվարական շրջապատին։ 1913 թուականին անդամակցած է Իտալիոյ Ընկերվարական կուսակցութեան։

Նիւթական ծանր պայմաններու եւ հիւանդութեան պատճառով Կրամշին 1915-ին կիսատ կը ձգէ ուսումը եւ իր սեփական ջանքերով կը հետեւի ինքնազարգացման` պատմական եւ փիլիսոփայական նիւթերուն շուրջ: Կիսատ ձգելով ուսումը` ան կը նետուի գործի ասպարէզ:

Ան արդէն իր ուսանողութեան տարիներուն (1914-էն) դարձած էր յօդուածագիր` ընկերվարական «Ժողովուրդի կանչ» օրաթերթին մէջ եւ իր այդ յօդուածագրութեան շնորհիւ ան հանրածանօթ դարձած է լրագրական շրջանակներուն մէջ:

1916-ին ան դարձած է Ընկերվարական կուսակցութեան «Յառաջ» պաշտօնաթերթի Պիեմոնտի մասնաճիւղի փոխխմբագիրը:

Ան մահացած է ֆաշական չարչարանքի տակ` բանտին մէջ։ Բանտարկութեան ընթացքին գրած է աւելի քան 30 յուշատետրեր եւ 3000 էջ պատմութիւն եւ վերլուծութիւն[9]:

Յեղափոխական գործունէութիւնն ու գաղափարները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1916-էն սկսեալ, երբ Իտալիան արդէն իսկ մտած էր Համաշխարհային Ա. պատերազմին մէջ, եւ ժողովրդային խաւերը դժգոհ էին ընկերային-տնտեսական ծանր պայմաններէն, Կրամշի այդ թէժ տարիներուն սկսած է ներդրում ունենալ աշխատաւորական շարժման դաստիարակչական աշխատանքին մէջ: Ան դասախօսած է Ֆրանսական յեղափոխութեան, Փարիզի կոմունայի, կիներու իրաւունքներուն եւ ընկերային ու փիլիսոփայական այլ նիւթերու մասին` Թուրինի արհեստակցական միութեան կեդրոնին մէջ:

1917-ը, բողոքներու իտալական աշխատաւորական շարժումին շրջանին, Կրամշին եղած է կուսակցութեան մէջ յեղափոխական այդ թեւի գլխաւոր դէմքերէն մէկը[10]:

Նոյն օրերուն Կրամշի ընտրուած է Ընկերվարական կուսակցութեան Թուրինի շրջանային կոմիտէի անդամ եւ նշանակուած «Ժողովուրդի կանչ» օրաթերթի խմբագիր:

Իբրեւ յեղափոխական գործիչ` Կրամշի համակրանք տածած է Ռուսիոյ մէջ ծագած Հոկտեմբերեան յեղաշրջումին նկատմամբ: Ռուսիոյ համայնավարներուն պէս, Կրամշի հաւատացած է, որ ընկերվարական յեղափոխութեան մէջ առաջնորդողի դերակատարութիւնը պէտք է ըլլայ բանուորական խորհուրդներուն ձեռքը:

Իր գլխաւորութեամբ, Ընկերվարական կուսակցութեան յեղափոխական թեւի անդամները, 1 Մայիս 1919-ին կը հիմնեն «Նոր ուղղութիւն» շաբաթաթերթը, որ դարձած է 1919-ին Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած բողոքներու գաղափարական խօսափողը:

13  Սեպտեմբեր 1919-ին Կրամշի կը գրած է «Յեղափոխութեան զարգացումը» յօդուածը` «Նոր ուղղութիւն» շաբաթաթերթին մէջ, որ դարձած է բանուոր դասակարգի պայքարին մղիչ ուժը:

Կրամշի գրած է «Բանուորներու ժողովրդավարութիւն» յօդուածը, որ լոյս տեսած է «Նոր ուղղութիւն» շաբաթաթերթին մէջ, 21 Յուլիս 1919-ին:

21 Յունուար 1921-ին Կրամշին միւս յեղափոխական ընկերվարականներուն հետ կը հիմնէ Իտալիոյ Համայնավար կուսակցութիւնը:

Կրամշիի գաղափարական մտածելակերպը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կրամշիի մտածումները տարբեր եղած են բազմաթիւ համայնավարներու գաղափարներէն: Ան քննադատած է Ստալինի վարած մենատիրական եւ միակուսակցական պետութեան քաղաքականութիւնները, առաւել` խորհուրդներու անտեսումը:

Կրամշի, ի հակադրութիւն միւս համայնավարներուն, ուզած է հիմնել միասնական ճակատ մը ընդդէմ ֆաշական իշխանութիւններուն` այդ ճակատին մէջ ընդգրկելով ընկերվարականներն ու արհեստակցական միութիւններու անդամները:

Կրամշիի ժառանգութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կրամշիի ժառանգութիւնը կը գտնուի նախորդ դարու 70-ական թուականներու ընթացքին արեւմտեան Եւրոպայի մէջ ձեւաւորուած եւրոհամայնավարութեան մէջ, որ նպատակ ունեցած է ժողովրդավարութեան միջոցով կերտել համայնական սեփականատիրութիւն` առանց  արեան հեղումի, ինչպէս նաեւ տարբերիլ Խորհրդային Միութեան որդեգրած համայնավարութենէն` յարմարելով եւրոպական յատուկ պայմաններուն:

Կրամշիի գաղափարական ժառանգութիւնը կը գտնուի նաեւ ներկայիս Եւրոպայի մէջ ձեւաւորուած արմատական ձախ ուժերուն մէջ, որոնց քաղաքականութիւնները հիմնուած են իրենց աշխատանքներուն մէջ ընկերութեան զանազան խաւերը եւ մանաւանդ արհեստակցական միութիւնները ներառելու սկզբունքին վրայ` ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական մարզերուն մէջ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 http://www.antoniogramsci.com/ag_biografia01.htm
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 2,6 2,7 Archivio Storico Ricordi — 1808.
  3. 3,0 3,1 BeWeB
  4. 4,0 4,1 4,2 4,3 4,4 4,5 4,6 4,7 4,8 Vacca G. Dizionario Biografico degli Italiani — 2002. — Vol. 58.
  5. 5,0 5,1 5,2 5,3 5,4 5,5 Грамши Антонио // Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] / под ред. А. М. Прохорова — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1969.
  6. 6,0 6,1 6,2 Itaú Cultural Enciclopédia Itaú CulturalSão Paulo: Itaú Cultural, 2001. — ISBN 978-85-7979-060-7
  7. 7,0 7,1 7,2 Բրոքհաուզի հանրագիտարան
  8. https://storia.camera.it/deputato/antonio-gramsci-18910122
  9. «Հայ Իշխանը Դարերու Ընթացքին, Կամ՝ «Մաքիավելեան Պահ»ի Փնտռտուքը Հայոց Պատմութեան Մէջ»։ Asbarez - Armenian (հայերէն)։ 2015-12-31։ արտագրուած է՝ 2020-05-21  [permanent dead link]
  10. «ՀՅԴ-ն Եւ Մարքսականութիւնը»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (հայերէն)։ 2017-01-27։ արտագրուած է՝ 2020-05-21