Jump to content

Մազեր

Մազեր

Մազ, մարմինի ամբողջ մակերեսը ծածկուած է մազով, ի բացառեալ՝ շրթունքներէն, ներբաններէն (soles), ափերէն, ականջներուն ետեւի բաժինէն, պորտէն եւ արտաքին սեռային օրկաններու որոշ բաժիններէն:

Մազը կազմուած է երկու բաժիններէ.

Մազապարկիկ (hair follicle)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մազապարկիկը, այլ խօսքով՝ մազի արմատը, անտեսանելի է եւ կը գտնուի մորթին երկրորդ խաւի՝ ենթամորթին (dermis) մէջ շեղակի դիրքաւորումով: Ան կը պարունակէ մազի նորաստեղծ բջիջները (stem cells), որոնք շարունակ կը գործեն նորանոր մազեր արտադրելու համար: Մազապարկիկը մազին կենդանի բաժինն է: Մազապարկիկներուն կը միանան մորթի ճարպագեղձերը (sebacious glands), որոնց արտադրած ճարպը կը իւղոտէ մազի ցօղունները եւ մորթի թելամկանները (erector pili): Մազերու ցօղունները կը տնկուին եւ կ'որդեգրեն ուղղահայեաց դիրք թելամկաններու պռկումով: Մազի պարկիկներուն մէջ կարտադրուին մազին գունաւորում տուող նիւթի՝ melanin-ի երկու տարբերակները, որոնք մազին կու տան տարբեր գունաւորումի երանգներ: Մազի ճերմակ եւ կամ մոխրագոյն ըլլալը հետեւանքն է՝ մելանինի չգոյութեան:

Մազի ցօղուն (hair shaft)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մազի ցօղունին մէկ մասը կը գտնուի մորթին մէջ։ Իսկ մնացեալ մասը կը ցցուի մորթի մակերեսէն դուրս: Մազի ցօղունը մազի անկենդան բաժինն է: Ցօղունը կազմուած է երկու խաւերէ եւ ներքին խողովականման պարապութենէ (medulla): Ցօղունին արտաքին խաւը կը պարունակէ մի քանի բարակ բջիջներ. իսկ ներքին-երկրորդ խաւը կը պարունակէ եղջերանիւթ (keratine) եւ melanin: Եղջերանիւթը մազին կու տայ զօրութիւն եւ կարծրութիւն. իսկ melanin-ը կը գուանաւորէ մազը:

Մեր առօրեայ խօսակցութեան մէջ «մազի ցօղուն»ին փոխարէն կը գործածենք ընդհանրապէս «մազէ» բառը:

Մարմինի մազերը երկու տեսակ են.

Բնածին-ընդոծին մազ (congenital)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկու սեռերուն մօտ ծնունդէն սկսեալ ամբողջ մարմինը ծածկուած է փափուկ, մանր եւ մեղմ գոյնով մազերով, զորս յաճախ կը կոչենք աղուամազեր: Անոնց խտութիւնը մարմինի մակերեսին վրայ կը տարուբերի անհատէ անհատ: Մարմնական աճին հետ մարմինի ամբողջ աղուամազերը, ի բացառեալ գլխու մազերէն, կը պահեն իրենց յատկութիւնները: Երկու սեռերուն մօտ գլխու մազերը կեանքի ամբողջ տեւողութեան կը կազմաւորուին, կ'աճին, կ'երկարին եւ մարդուն կու տան յատուկ ձեւաւորում եւ անհատականութիւն:

Այրածին-արական մազ (androgenic)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս մազերը կը յայտնուին արբունքի շրջանին եւ արբունքէն ետք: Անոնք կը տարբերին գլխու մազերէն եւ ընդոծին մազերէն: Անոնց աճը եւ կազմաւորումը կախեալ է արական սեռական ներազդակներէ (male sex hormones): Տղամարդիկ շատ աւելի արական ներազդակներ կ'ունենան քան աղջիկները եւ այս պատճառով տղաք շատ աւելի արական մազեր կ'ունենան քան աղջիկները: Աղջիկներու մօտ արբունքի շրջանին կը յայտնուին արական մազերը ցայլքի (pubis) եւ անութներու (axilla) վրայ ինչպէս նաեւ արտաքին սեռային օրկաններուն շուրջը: Իսկ տղոց մօտ անոնք կը յայտնուին կրծքավանդակին, անութներուն, փորին, սրունքներուն, թեւերուն եւ դէմքին վրայ, ինչպէս նաեւ արտաքին սեռային օրկաններուն շուրջ: Արբունքի առաջին ազդանշանը ցայլքի մազերու յայտնաբերումն է: Արական ներազդակ testosterone-ի քանակն է որ կ'որոշէ այս բոլոր փոփոխութիւնները: Այս ներազդակը անհատին ծինային կազմաւորումով կ'որոշէ նաեւ մազի զօրութիւնը, խտութիւնը, գոյնը եւ ձեւը:

Տղոց մօտ, երիտասարդութեան ընթացքին, արական մազերը կը ստանան աւելի թուխ գունաւորում, մանաւանդ՝ ոտքերուն, արմուկներուն, կուրծքին եւ կռնակին վրայ:

Իւրաքանչիւր մազ ամէն ամիս բնականօրէն կ'երկարի-կ'աճի մօտաւորապէս մէկ սմ.:

Արբունքէն առաջ եւ ետք գլխու մազերը կ'աճին հանգրուանային զարգացման ժամանակաշրջանով (cycle) մը, որ կը տեւէ 2-3 տարիներ: Գլխու մազերուն 90 առ հարիւրը իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանին մէջ կը մնայ կենդանի եւ առողջ ու կ'երկարի որոշ չափով: Իսկ անոնց 10 առ հարիւրը կը մնայ հանգիստ վիճակի մէջ 3-4 ամիս եւ ապա կը լքէ իր արմատները, կ'ինայ ու կ'անյետանայ: Սակայն այս թափած ցօղուններու մազապարկիկներէն կ'աճին նոր մազեր, որոնք կը յայտնուին գլխու մակերեսին վրայ։ Առատ գլխու մազ ունեցողներ կը կորսնցնեն օրական 50-100 մազ, սակայն այս կորուստին հետ զուգահեռ տեղի կ'ունենայ նոյնքան նոր մազի կազմաւորում մազի պարկիկներուն մէջ:

Գլխու մազերը կրնան ըլլալ գանգուր (curly) կամ շիտակ, համաձայն անհատին ծինային կազմաւորումին:

Դերակատարութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեր մարմինի մազերը ունին կարեւոր դերակատարութիւններ.

  • Գլխու մազերը մարդուն կու տան վայելչութիւն եւ անհատականութիւն.
  • Մարմինի մազերը կ'օգնեն մարմնի ջերմականոնաւորման աշխատանքին (heat regulation): Անոնք մորթին կու տան ջերմութիւն: Պաղ եղանակին մարմինի ջերմութեան նուազումով մորթի թելամկանները կը պռկուին եւ մազի ցօղունները կը պահեն տնկուկ-ուղղացիգ վիճակի մէջ, այս մէկը կը կասեցնէ մորթի ջերմատուութիւնը-կորուստը (heat dissipation).
  • Մարմինի մազերը կը պաշտպանեն մարմինը եւ մանաւանդ անոր մակերեսը արեւու ճառագայթներէն, մասնաւորաբար՝ անդրամանիշակագոյն ճառագայթներէն.
  • Յօնքերը եւ թարթիչները արգելք կը հանդիսանան օտար մարմիններու, անձրեւի կաթիլներուն եւ քրտինքի մուտքին աչքերէն ներս.

Հերաթափութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հերաթափութիւն ըսելով կը հասկնանք մազերու կորուստ:

Գլխու հերաթափութիւնը կը յառաջացնէ ճաղատութիւն: Ան կը յառաջանայ երբ մազերու կորուստը կը գերազանցէ նոր մազերու կազմաւորումը:

Ժողովուրդը ընդհանրապէս հերաթափութիւն ըսելով կը հասկնայ գլխու մազերու հերաթափութիւն:

Հերաթափութիւնը կը յայտնուի երկու ձեւերով.

  • Տեղայնական (local) հերաթափութիւն

Տեղայնական հերաթափութիւնը կը պատահի մարմինի որոշ մէկ բաժինի մազերուն մէջ, մասնաւորապէս գլխու մազերուն, մօրուքին, յօնքերուն եւ թարթիչներուն մէջ։ Ան կը յայտնուի կլորաձեւ եւ պզտիկ անմազ մորթի տարածութեամբ մը: Տեղայնական հերաթափութեան պատճառը յստակ չէ. սակայն ան կը նկատուի ինքնադիմադրողական հիւանդութիւն մը: Թափած մազերուն տեղ ինքնաբերաբար նորեր կը յայտնուին որոշ շրջան մը ետք: Դարմանումի համար կը գործածուի տեղայնական cortisone-ի օծաններ եւ կամ ներմորթային ներարկումներ (intradermal injection):

  • Համայնական (general) հերաթափութիւն

Գլխու հերաթափութիւնը տեղի կ'ունենայ հիմնական եւ երկրորդական զանազան պատճառներով:

Հիմնական պատճառներն են.

  • ժառանգականութիւն եւ ծինային կազմաւորում.

Հերաթափութեան մեծ տոկոսը կը պատահի համաձայն անհատին ծինային կազմաւորման եւ ժառանգականութեան հիմունքներու: Ճաղատ հայրեր մեծ հաւանակութիւնը ունին տեսնելու ճաղատ տղայ զաւակներ եւ թոռնիկներ:

  • Հոգեկան եւ ֆիզիքական ճնշուածութիւն.

բազմաթիւ անհատներ անակնկալօրէն կը կորսնցնեն մեծ քանակութեամբ գլխու մազ հոգեկան վերիվայրումներէ եւ մարմնական-ֆիզիքական ճնշուածութենէ ետք, որոնք կը պատահին մասնաւորապէս հետեւեալ պարագաներուն՝ որոշ հիւանդութիւն մը, վիրաբուժական գործողութիւն մը, մարմնական բարձր ջերմ, անակնկալ կշիռքի կորուստ, խիստ ծոմապահութիւն եւ հիմնական կենսանիւթերու անբաւարարութիւն.

  • Գերվահանագեղձութիւն (hyperthyroidism) եւ ենթավահանագեղձութիւն (hypothyroidism): Հերաթափութիւնը կը սկսի այս հիւանդութիւններու ընթացքին կամ անոնմէ ետք.
  • Իգական ներազդակի (estrogen) եւ արական ներազդակի (androgen) քանակական փոփոխութիւններ եւ խանգարումներ, որոնք կը պատահին յղութեան, ծննդաբերութեան, դաշտանադադարի եւ արբունքի շրջանին.
  • Որոշ դեղերու գործածութիւն, օրինակ՝ հակալերդացուցիչ (anticoagulant), յօդացաւի, ընկճուածութեան եւ gout-դեղեր.
  • Կարգ մը մարմնական ընդհանուր բորոքումներ, որոնց կ'ուղեկցի նաեւ բարձր ջերմ.
  • Գլխու սնկային բորբոքումներ.
  • Շաքարախտ.
  • Քաղցկեղի դեղադարմանում (chemotherapy).
  • Քաղցկեղի Ք ճառագայթային դարմանում (X-ray therapy).
  • Յոռի սննդառութիւն (malnutrition) եւ բնասպիտի ու երկաթի անբաւարարութիւն (deficiency).

Երկրորդական Պատճառներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գլխու հերաթափութեան երկրորդական պատճառներն են.

  • Մազի գունաւորման համար գործածուած ներկեր եւ քինմիական նիւթեր.
  • Մազայարդարումի համար գործածուած քիմիական նիւթեր եւ ելեքտրական գործիքներ.
  • Մազայարդարումի ընթացքին կոշտութեամբ մազերը արդուկել-քաշել.

Վերոյիշեալ երեք պատճառները արդիւնքն են կենցաղային ապրելակերպի.

  • Շարունակ մազ քաշելու եւ փեթթելու յոռի սովորութիւն:

Ժառանգական-ծինային պատճառներով յառաջացած հերաթափութիւնը դարմանելի չէ: Իսկ մնացեալ պատճառներով յառաջացած հերաթափութիւնները կանխելի են:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]