Jump to content

Մանեքիւնեքօ

Մանեքիւնեքօ, ճափոնցիներու բախտաբեր կատուն։

Ծննդավայր՝ Կոթոքուճիի տաճարը։

Կատուն խորհրդանշող արձանիկները կը տեղադրեն Ճափոնի գրեթէ բոլոր ճաշարաններուն, խանութներուն եւ առեւտրական կեդրոններուն մուտքին։

Ըստ ճափոնական հաւատալիքներու, այս արձանիկները կարելի է տեղադրել ննջարաններու, ինչպէս նաեւ ուսման վայրերու մէջ, որոնք բախտ եւ յաջողութիւն կը բերեն։[1]

Այս արձանիկներուն իսկական ծննդավայրը կը համարուի Ճափոնը, ուր անոր տրամադրուած է ամբողջ տաճար մը` Կոթոքուճիի տաճարը:

Կոթոքուճիի տաճարը պուտտայական տաճար մըն է: Հոն կարելի է հանդիպիլ հազարաւոր եւ տեսակաւոր մանեքիւնեքօ արձանիկներու: Տեղացիներ, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջիկներ կու գան ամէն օր զետեղելու նոր արձանիկներ, հետեւաբար անոնց թիւը միշտ աճի մէջ է։

Ըստ տեղական աւանդութեան, 1400-ական թուականներուն այդ տաճարը փոքրիկ խրճիթ մըն էր. տաճարին հոգ տանող վանականը կը պայքարէր իր շատ փոքր եկամուտով ապրելու համար: Ան ունէր կատու մը, զոր շատ կը սիրէր եւ անոր հետ կը բաժնեկցէր իր ուտելիքը:

Օր մը, փոթորիկի մը ընթացքին, բազմաթիւ սամուրայ ասպետներ կու գան ապաստանելու տաճարին մէջ, ուր կատուն թաթիկը բարձրացուցած, նշան կ'ընէ անոնց` ներս մտնելու: Վանականը անոնց թէյ կը հրամցնէ եւ միասին կը զրուցեն։

Այս ասպետներէն մէկը, որուն վրայ մեծ ազդեցութիւն կը ձգեն վանականին խորհուրդները, տաճարին կը նուիրէ բրինձի դաշտեր եւ հողեր` մշակելու համար: Հետագային անիկա կը վերածուի ներկայի մեծ տաճարին[2]:

Տարիներ ետք, երբ կատուն կը սատկի, ի պատիւ անոր կը շինուի կոթող մը, որ կը ներկայացնէ Շոպիօ Քաննոն` ողորմութեան աստուածուհին:

Այնուհետեւ, Կոթոքուճիի տաճարը այցելողները հոն կը ձգեն կատուի փոքրիկ արձանիկ մը` իբրեւ երախտագիտութիւն մաղթանքներու իրականացման:

Ընդհանուր տեսք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աւանդաբար Մանեքիւնեքօները կը ներկայանան նստած վիճակով, մէկ թաթիկը դէպի վեր՝ նշանակալի բարեւելու ձեւով, իսկ միւս թաթիկով բռնած հաւկթաձեւ մետաղադրամ մը (koban coin)։

Բացի արձանիկներէն, Մանեքիւնեքօները կը ներկայանան նաեւ գանձանակներու, օդափոխիչներու, անօթներու եւ այլ իրերու տեսքով։

Ներկայիս այս արձանիկներուն նոր տարբերակները ստեղծուած են, որոնք ունին շարժուն թաթիկեր։

Կարելի է հանդիպիլ Մանեքիւնեքօ կատուներու տարբեր գոյներու, ձեւերու եւ չափերու։

Մանեքիւնեքօ կատուներուն աջ կամ ձախ թաթիկերուն բարձր պահուած ձեւը ունի իր յատուկ նշանակութիւնը։ Բարձր պահուած ձախ թաթիկը հրաւէր մըն է գործերու մէջ յաջողութիւն ունենալու, ուրեմն անիկա յատուկ է առեւտրական հաստատութիւններու, իսկ բարձր պահուած աջ թաթիկը` տան պահպանման համար, ուրեմն անիկա յատուկ է տուներու[3]։

Սկզբնական շրջանին Մանեքիւնեքօները եղած են ճերմակ գոյնի։ Հիմնուելով որոշ հաւատալիքներու վրայ, տարիներու ընթացքին անոնց գոյները փոխուած են․ իւրաքանչիւր գոյն ունի իր խորհրդանիշը, ճերմակը՝ բախտաւորութիւն, սեւը՝ դժբախտութիւն, կարմիրը՝ առողջութիւն, դեղինը կամ ոսկեգոյնը՝ հարստութիւն, իսկ վարդագոյնը՝ սէր։

Սակայն ընդունուած գոյները ճերմակ, սեւ եւ ոսկեգոյն են, որոնք բարգաւաճում կը խորհրդանշեն։

Մանեքիւնեքօներու առաջին օրինակները շինուած են տաշուած փայտէ, քարէ եւ մետաղէ, ձեռակերտ յախճապակիէ կամ ալ ձուլուած երկաթէ։

Ներկայիս կը պատրաստուին սերամիքէ կամ կերպընկալէ Մանեքիւնեքօներ։

Ծանօթագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]