Քիթի Արիւնահոսում
Արտաքին տեսք
Քիթի արիւնահոսումը յատկապէս կը պատահի երեխաներու եւ տարեցներու մօտ: Այս երեւոյթը ժողովուրդին կողմէ յաճախ նկատուած է սովորական: Ընդհանրապէս, քիթի աիւնահոսութիւնը սովորական երեւոյթ չէ առողջ մարդուն համար, սակայն նաեւ միշտ չէ, որ մտահոգիչ է:
Ախտապատճառներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քիթի արիւնահոսութիւնը հիմնականին մէջ ունի երկու ընդհանուր պատճառներ՝
- Քիթի յառաջամասէն
- Քիթի յետսմասէն
Քիթի Յառաջամասէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քիթի յառաջամասէն տեղի ունեցած արիւնահոսոմը յաճախ նկատուած է պարզ։ Այս տեսակի արիւնահոսութիւնը կարելի է շատ պարզ միջոցներով կասեցնել: